2014-06-16 14:47:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Սանդ Էճիտիոյի հասարակութիւնը` աղօթք, աղքատներ ու խաղաղութիւն։


Հռոմի Թրասթեվերէի շրջանը, կիրակի 15 յունիսի յետմիջօրէին, պատմական պահեր ապրեցաւ, մեծ խանդավառութեամբ ընկալելով կարեւոր մէկ հիւր մը` Ֆրանչիսկոս Պապը, որ Թրասթեվերէ ժամանած էր այցելելու համար այնտեղ գտնուող Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կեդրոնատեղին ու հանդիպելու հասարակութեան կողմէ խնամուած աղքատներուն եւ չքաւորներուն հետ։
Թրասթեվերէ իր ժամանելուն, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելէ ետք Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները, մուտք գործեց Պազիլիքայ ու ''Բարեգութ Տիրամօր'' սրբապատկերին առջեւ պահ մը ամփոփուեցաւ, հուսկ տեղի ունեցան վկայութիւններու ներկայացում, որոնց շարքին Դամասկոսի Ասորի Օրթոտոքս Արքեպիսկոպոսը` Ժան Քաուաքը որ խօսեցաւ Սուրիոյ բնակչութեան ապրած ցաւալի իրավիճակի մասին, յոյս յայտնելով որ աւելիով աշխատուի խաղաղութեան համար։
Վկայութիւններու աւարտին Սրբազան Հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան յատկանիշերը սկսեալ աղօթքէն, որ հասարակութեան սիրտն է։
Ով որ կ՛ունկնդրէ ''Խօսքը'', ուրիշներուն մէջ կը տեսնէ Յիսուսը – ըսաւ Քահանայապետը - ակնարկելով տարեցներուն եւ երիտասարդներուն որոնք` '' լուսանցքային մշակոյթին'' զոհ են, թէեւ անոնք են որ յառաջ կը տանին պատմութիւնը։
''Այն ինչ որ պէտք չէ կը ''դափուի''։Այն ինչ որ չ՛արտադրեր, կ՛անտեսուի։ Եւ այսօրուայ տագնապը մեծ է, որովհետեւ երիտասարդներն են որ անտեսուած են, եթէ մտաբերենք թէ 75 միլիոն երիտասարդներ ոչ գործ ունին եւ ոչ ալ ուսում'', յայտնեց Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ` ''այս մէկը կը պատահի ''հոգնած Եւրոպայի մը մէջ, որ չի գիտեր ինչ ընել'', ու ապա շեշտը դրաւ ''զօրակցութիւն'' բառին վրայ, որ շատեր - ըսաւ Ան - կ՛ուզեն բառարարէն դուրս հանել, որովհետեւ քրիստոնէական բառ մըն է։
Իր ճառին աւարտին Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Սանդ Էճիտիոյ հասարկութեան խաղաղութեան ի սպաս ''յանձնառումի'' մասին ու այս առընչութեամբ ''երկխօսութեան եւ բանակցութեան'' կարեւորութեան, մեկնելով ամէն մէկ անհատի ինքնութենէն ու այդ ինքնութեան յարգանքէն։ Սրբազան Հայրը հուսկ հրաւիրեց հասարակութեան անդամները յառաջ ընթանալու իրենց առաքելութեան մէջ երեք բառերով` աղօթք, աղքատներ ու խաղաղութիւն, ընկերային կեանքին մէջ աճեցնելով ''սրտի գթութիւնը'' որ – յարեց Սրբազան Հայրը – ''իսկական յեղափոխութիւնն է որ իր կարգին կ՛աճեցնէ բարեկամութիւնը''։

Սանդա Մարիա Ին Թրասթեվերէ Պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, քալելով ուղղուեցաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան քովնտի կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ հասարակութեան անդամներուն հետ ու անոնցմէ հրաժեշտ առնելէ առաջ խնդրեց որ յարատեւ աղօթեն։ ''Ամէնքս պէտք ունինք աղօթքին։ Աղօթենք ժոովուրդներուն համար որ պատերազմի մէջ են ու անոնց համար խնդրենք խաղաղութիւնը։ ''Աղօթքը մեր զէնքն է որուն միջոցաւ կը խօսինք Աստուծոյ սրտին։ Եթէ մենք աղօթենք` Ան մեզի մտիկ կ՛ընէ'', հաստատեց Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.